Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յոյսը խարիսխն է դէպի ափ, մենք կապուած ենք պարանին, յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ»։ - Vatican News

Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Չիքակոյի Լոյոլա համալսարանի պատուիրակութեան հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիքակոյի Լոյոլա համալսարանի պատուիրակութեան հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յոյսը խարիսխն է դէպի ափ, մենք կապուած ենք պարանին, յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Չիքակօ քաղաքի Լոյոլա անուան համալսարանի ղեկավարներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 20 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Չիքակօ քաղաքի Լոյոլա անուան համալսարանի ղեկավարները, որոնք Հռոմ եկած է ուխտագնացութիւնը կատարելու համար Սուրբ Լոյոլայի վայերէն ներս։
«ճանապարհորդութեան մեկնիլը բնորոշ է անոնց համար, որոնք կ՝երթան կեանքի իմաստը փնտռելու. Գացէ՛ք կեանքի իմաստը փնտռելու ու ձեր մէջ պահեցէք քալելու ուխտագնացութեան այս փափաքը։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Սուրբ Լոյոլայի հոգեւորականութիւնն ու կեանքի բնորոշ վայրերուն ուխտագնացութիւնը եղաւ արմատներուն այցելութիւն մը«Այսպիսով վերադարձէք ձեր արմատներուն՝ յառաջ երթալու համար։ Յառաջ ընթանալու ուժը կը քաղէք արմատներէն եւ ձեր հաստատութեան արմատները ձեր հիմնադիրին փորձառութիւնն է որ միշտ առաջին տեղ կը դնէ Աստուած եւ անընդհատ կը փնտռէր Տէրը։

Նորին Սրութիւնը ապա նշեց, որ Լոյոլա Համալսարանը ոգեշնչուած է Յիսուսեան միաբանութենէն, «որ հիմնուած է զատորոշումի եւ գործողութեան վրայ եւ այս աւանդութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ այսօր ճշմարտութիւնը որոնելու լուրջ ուսումնասիրութեան, ուշադիր լսումի եւ խիզախ գործողութիւններուն միջոցաւ» ըսաւ քահանայապետը քաջալերելով ներկաները ըլլալու վկաներ աշխարհի մը մէջ որ ստէպ նշուած է բաժանումներով եւ հակամարտութիւններով։

«Արագ փոփոխութիւններով եւ մարտահրաւէրներով նշուած աշխարհի մէջ Լոյոլա համալսարանի ղեկավարներուն պարտականութիւնն է ձեւաւորել փայլուն մտքեր, ինչպէս նաեւ մշակել վեհանձն սիրտերը եւ խիղճեր, որ ուշադիր է իւրաքանչիւր անձին արժանապատուութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Կրթութիւնը կը կատարուի երեք մակարդակով, «գլխով, սիրտով եւ ձեռքերով» Մտածեցէք թէ ինչ կը զգաս ու ինչ կը կատարես, կատարել այն ինչ որ կը զգաս եւ կը մտածես»։

Ֆրանչիսկոս մաղթեց ներկաներուն, որ կազմեն «աշխատասէր երազողներ նշելով որ կեանքի մէջ յառաջ երթալու համար պէտք է երազել եւ երազելու կարողութիւնը կորսնցուած մարդուն մէջ կը պակսի ստեղծագործութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւ կեանք առանց բանաստեղծութեան չ՝աշխատիր։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ նաեւ որ աշխարհակարգի իրավիճակին մէջ այսօր կը պակսի յոյսի հորիզոնը եւ առանց յոյսի կարելի չէ ապրիլ ու պէտք չէ երբեք մոռնան, որ յոյսը խարիսխն է դէպի ափ եւ մենք կապուած ենք պարանին։ «Յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ,» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2024, 10:40